Ռուբէն Սեւակը (Ռուբէն Չիլինկիրեան, 1885- 1915) գերմանուհի Եաննի Ապպելի (1890-1967) հետ ծանօթացել է 1907 թ. շուելցարական լեռնային ամառանոց’ Շամբերիում: Ամուսանցել են 1910 թ.: Մինչ ամուսնութիւնը եւ հետագայում Ռ. Սեւակը բազում նամակներ է գրել Եաննիին, որոնց չընչին մասն ենք միայն տպագրում: Եաննի Սեսակը եղել է յայտնի դերասանուհի, ֆրանսերէն լեզուով տպագրել է բանաստեղծութիւնների մի քանի ժողովածուներ:
Սիրելի նշանածս,
Երեկ քեզի նամակ մը եւ բացիկ մը ղրկեցի: Այսօր ահա Պոլսոյ թրքական թաղէն ասիական բացիկներու շարք մը քեզի: Հոն պիտի տեսնես մեր շուներն ու մեր թուրքերը: Հոն պիտի տեսնես Մեծ Շուկան, քաղաքի մը չափ ընդարձակ, եւ վերը, անձրեւի ու ձիւնի դէմ, քարէ պատերով եւ մարմարէ կամարներով փակուած փողոցները: Այնտեղ է, որ կծախեն արեւելեան գոճարեղէնն ու ննութիւնները: Հոն պիտի տեսնես դէպի հրդեհը վազող թուրք ջրհակիրները: (Բայց զինուորական ջրհակիրներ ալ կան): Եւ Շան Զատէ փողոցն իր սքանչելի մարմարէ քեօշքով, ուր ջուր կը խմեն ձրի: Եւ Թրքական սրճարանը, ազգային տարազ հագած իր յանձնակատարներով, որ բարբարոս կերպարանք ունին, բայց իսկապէս հիանալի սիրտ: Հոն ալ պիտի տեսնես Լազերուն պարը, զոր ճե- տաքրքրասէրներու ամբոխ մը կը դիտէ: (Լազերը թրքական փոքրիկ ցեղ մըն են, շատ ուժեղ եւ շատ գեղատեսիլ): Դեռ հոն պիտի տեսնես երկու մելամաղձոտ եզ լծած Բինաւուրց կառքով թրքական հարեմի զբօսանք մը: Եւ այս ամէնը քեզի գաղափար մը պիտի տալ, թէ ինչ բան է ասիական Պոլիսը: Քանզի նորօրինակ քաղաք մըն է ան: Այնտեղ կարելի է գտնել Եւրոպայի ամենաարդիական նորութիւններն ու Ասիայի ճնագոյն բարքերը: Այնտեղ արեւելեան հազուագիւտ բաներուն քովիկը կարելի է սքան- չանալ փարիզեան ճարտարապետութեան, բոլոր երկրներու գեղեցկութիւններու եւ ամենահրաշալի Որաշքներուն վրայ: Ես կեանքիս մէջ շատ քաղաքներ եմ տեսած, բայց երբեք ոչ մէկ քաղաք այնքան հետաքրքրական է, այնքան բարձրարուեստ, այնքան լայնատարած, այնքան ուրախ, ինչքան Պոլիսը: Եւ ինչ ալ ըսեն, հաւատալէ չեմ դադրիր բնաւ, որ այստեղ է աշխարհի ամենահանգիստ ժողովուրդը: Հակառակ ջարդերուն, հակառակ խժդժութիւններուն, հակառակ ամէն ինչի, այստեղ ամենաչար մարդը սիրելի բան մը ունի: Ամէն ոք, նոյնիսկ յանձնակատարը, որ Բանդարտօրէն իր հինգ սանթիմնոց սուրճը կը խմէ, քիչ մը երազ ունի իր աչքերուն ետեւ: Իսկ այդ երազը Արեւելքն է ամբողջ: Այստեղ ուրիշ փիլիսոփայութիւն մը կծփայ ուղեղներուն մէջ, ճակատագրապաշտ փիլիսոփայութիւնը: Ամենուր կը ճանդիպիս Ուժի մը հետքերուն. անսահման ու բարի ուժի մը, որով ժողովուրդները կապրին խաղաղօրէն: Այդ ուժը ճակատագրապաշտութիւնն է, իսկ այդ ճակատագրապաշտութիւնն ալ անոնց կեանքն է բովանդակ: Ասոր համար է թերեւս, որ տրտմութիւնը անոնց ուրախութեան իսկ մաս կը կազմէ: — Բայց այսքանն այդէն ներիք է Պոլսոյ մասին: Հիմա քիչ մըն ալ քեզմէ խօսինք: Դուն, սիրելիս, կը կարծես, թէ իմ ծնողներս ատելութիւն ունին քեզի դէմ, դուն կը վախնաս անոնցմէ, կը դողաս, նոյնիսկ մտածելով անոնց մասին: Կը հարցնեմ քեզի, թէ ինչո’ւ է այդ վախը: Ուրեմն կը մոռնաս, որ անոնք իմ ծնողներս են եւ ունին նոյն արիւնը, ինչ որ ես, եւ նոյն բնաւորութիւնը: Արդ, կրնա’ն քեզ ատել: Ոչ, Եաննի, հանդարտէ, անոնք շատ կը սիրեն քեզ եւ կը կարծեն, թէ դուն լաւագոյն հոգին ես, որ կրնայ արժանի ըլալ իրենց զաւկին: Եւ մեր ապագայ ամուսնութիւնը կարգադրուած, վերջեցած գործ է: Այլեւս ոչ մէկ կասկած: Իսկ միակ կասկածը. դուն ես, քանզի միշտ կը կասկածիս, ատիկա քու հիւանդութիւնդ է: Դուն բնաւ պէտք չէ արտասուես: Բայց եթէ կուզես, որ ծնողներս քեզի նամակ մը գրեն, կը սխալիս: Քանզի նախ անոնք հայերէն գիտեն միայն, եւ լետոյ մեր բարքերը քիչ մը խիստ են. մեր ծնողները նամակ, բան չեն ղրկեր, նախքան պաշտօնական նշանտուքը, բայց ինծի կը թոլլատրեն թղթակցիլ քեզի հետ, եւ ասիկա արդէն բալական բան է: Ես իրենց ցոյց կուտամ, քու լուսանկարներդ, նամակներդ, բացիկներդ, անոնք գո Բունակ կը ժպտին: Եւ անշուշտ, անգամ մը որ ամուսնանանք, դուն կը տեսնես, որ աշխարհի լալագոյն ծնողներն են անոնք: — Այստեղ կը վերջացնեմ նամակս, հազար անգամ համբուրելով քեզ եւ ողջոյններս յղելով ճայրիկին, մայրիկին եւ Միննային:
Նշանածդ’ ՌՈՒԲԷՆ
Օգոստոս 8, 1909